2014-12-18 09:47:50

Ծնունդը Սուրիոյ մէջ` վախի ու յոյսի խառնաշփոթ մթնոլորտին մէջ։


(Ռ.Վ. 18 դեկտեմբեր 2014) ''Այսօրուայ նեղութիւնները մեզի առիթ կ՛ընծայեն մեր Տիրոջ ս. Ծննդեան տօնին ճշմարիտ իմաստը` միշտ հաւատքի վկայութիւն տալ ի գին մահու, Տիրոջ ընծայելով մեր տառապանքը'', ըսաւ ֆրանչիսկեան հայր Հաննա Ժալլուֆ։
Ծննդեան պատարագին, ըսաւ հայր Ժալլուֆ, հաւատացեալներուն պիտի պատգամեմ որ Քրիստոսն է մեր խաղաղութիւնը, եւ միմիայն ինք կարող է իր խաղաղութիւնը մեզի պարգեւել։ Յիսուսէն պիտի խնդրեմ որ արիութիւն եւ ոյժ պարգեւէ տառապանքի խաչը կրելու։ Իսկ հաւատացեալներէն պիտի խնդրեմ վկայութիւն տալ խաղաղութեան, ուրախութեան ու միութեան։ Մենք վստահ ենք որ լոյսը դարձեալ պիտի ծագի Սուրիոյ վրայ, գիշերը հետզհետէ պիտի փարատի եւ պիտի մօտենայ նոր արշալոյս մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.